ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԱԼԻ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայան։ Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ կուսակալին այցելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Զրոյցի ընթացքին Ալի Երլիքայա դիտել տուաւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր ունէր նման այցելութիւն մը իրականացնելու ցանկութիւնը։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ողջունեց կուսակալ Երլիքայայի ներկայութիւնը եւ ընդգծեց, որ պատիւ կը համարուի Իսթանպուլի կուսակալին Պատրիարքարանի երդիքին տակ հիւրընկալուիլը։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան համավարակի հետեւանքով ստեղծուած ընկերային մարտահրաւէրներու եւ այլ հարցերու շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին։ Մանաւանդ վերջին շրջանի իրադարձութիւններու լոյսին տակ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, թէ պետական պատկան մարմինները հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնեն այս հարցը, ինչ որ յոյս կը ներշնչէ լուծման համար։

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ալի Երլիքայային նուիրեց Արսէն Եարմանի կողմէ հեղինակուած «Osmanlı Sağlık Hizmetlerinde Ermeniler ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi Tarihi» գիրքէն օրինակ մը։ Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ կուսակալը ստորագրեց նաեւ Պատրիարքարանի պատուոյ տոմարը։

Բաց աստի, երէկ, օրուայ առաջին կէսին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց նաեւ Անգարայի մօտ Դանիոյ դեսպան Տենի Աննանը։

Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը նախընթաց օր շնորհաւորական մը ուղարկեց մեր համայնքէն իրաւաբան Պերք Աճարին, որ յաջողութիւն արձանագրած է պետական պատկան մարմիններու կողմէ՝ գաւառապետ դառնալու համար կազմակերպուած պաշտօնական քննութիւններուն մէջ։ Յառաջիկայ օրերուն պիտի յստականայ իր պաշտօնավարելիք վայրը։ Հանրապետական շրջանի պատմութեան մէջ Պերք Աճար կը հանդիսանայ այն առաջին թրքահայը, որ գաւառապետ դառնալու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021