ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԸ

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը երէկ հերթական ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին քննարկումներ տեղի ունեցան տարուայ վերջին երկու ամիսներուն համար նախատեսուած օժանդակութիւններուն շուրջ։ Յանձնախումբի անդամները տարուած աշխատանքի ընթացքին շուրջ Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին տեղեկութիւններ, որոնց լոյսին տակ յստակացուեցան վերջին մանրամասնութիւնները։ Ընդգծուեցաւ, որ անհրաժեշտ է օժանդակութիւնները տեղ հասցնելու համար որդեգրուած ձեւերու վերանայումը։ Ժողովականները համամիտ գտնուեցան, թէ օժանդակութիւնները պէտք է զարգացուին եւ անոնց ծիրը պէտք է ընդարձակուի։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ այս յանձնախումբի գործունէութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ է Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան հետ, իբր այդ կը հովանաւորուի։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց յանձնախումբին կողմէ ցարդ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ գործընթացի շարունակութեան համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021