ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ուրախառիթ էր, որ այս հանգանակութեան առիթը արդարացաւ եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէին բացը հաւասարակշռուեցաւ ամբողջութեամբ։ Հանգանակութեան արդիւնքը ջերմօրէն ողջունուեցաւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ապրուեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Անրդէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան եւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Ռոպէր Սրկ. Աքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեան Յակոբ Մամիկոնեանի։ Նորին սրբազնութիւնը ի ժամ Ս. Պատարագի տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին շեշտը դրաւ գութի զգացումին վրայ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւ այլ յայտնի դէմքեր։ Ընդհանրապէս բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր համախմբուած էին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Իսկապէս խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ սիրոյ սեղանի ընթացքին։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ նախկին թաղականներէն Պարոն Նալպանտ հանդէս եկան ելոյթներով։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին խմբերգներ՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քաթրանճըօղլուի հսկողութեան ներքեւ։ Բաց աստի, աշակերտներէն Աշոտ Պօղոսեան, Էլայ Չըրաք, Մելանի Կիւլիւքօղլու եւ Ռիւմէյսա Չաղլար հանդէս եկան արտասանութիւններով։ Հայաստանէն «Հայոց արծիւներ», «Վարդեր Վանեան» եւ «Ինսայտ» խումբերն ալ մասնակցութիւն բերին գեղարուեստական բաժնին։ Այս երեք խումբերը Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն եւ անոնց միասնական երէկուան ելոյթը տեղի ունեցաւ՝ գեղարուեստական ղեկավար Գնել Սարգսեանի մականին ներքեւ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տէրունական աղօթքէն վերջ ներկաները արձակուեցան՝ ողջունելով Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պիւտճէի այս տարի եւս հաւասարակշռուած ըլլալու դրական լուրով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018