ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ տօնավաճառ մը, որ տեղի ունեցաւ Բանկալթիի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ։ Շաբաթավերջին այս ձեռնարկը համախմբեց մեր համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր եւ Շիշլի մարզակումբի համակիրներ։ Ամանորի տօնավաճառի ծրագրին մասնակցութիւն բերին շարք մը յայտնի արուեստագէտներ. օրինակ՝ Թիւլին Քոզիքօղլու, Եալվաչ Ուրալ, Եդուարդ Քոփան, Գէորգ Մալիքեան եւ Ալեքս Թաթարեան։
Օրուան ողջ տեւողութեան շարունակուեցաւ Շիշլի մարզակումբի Ամանորի տօնավաճառը, որու այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին տաղաւարներու վրայ զետեղուած զանազան իրեղէններ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները։ Ծրագրի հովանաւորն էր «Էլէոս» ճաշարաններու ցանցը, որու կողմէ ալ սեփականատէրերէն Ալքս Քարաքէօսէ մասնակցութիւն բերաւ շիշլիցիներու Ամանորի տօնավաճառին։