ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ կազմակերպուած էր եզակի տօնավաճառ մը։ «Հինէնոր» խորագրեալ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր դպրոցի տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան համագործակցութեամբ։ Սա տօնավաճառ մըն էր խորքին մէջ եւ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուեցան օգտագործուած զանազան իրեր։ Բնականաբար, ձեռնարկը ունէր իր պատգամը՝ մսխումները կանխելու ուղղութեամբ։ Ընկերային պատասխանատուութեան ուղղեալ այս ձեռնարկին ժամանակ ցուցադրուեցաւ նաեւ օրուան խորհուրդին համապատասխան վաւերագրական ժապաւէն մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019