ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կէսօրուայ ժամերուն Գումգաբուի մէջ հերթական անգամ հիւրընկալեց համայնքային լիսէներու տնօրէնները։ Պատրիարքարանի մէջ մօտաւոր անցեալին ալ տեղի ունեցած էր նման հանդիպում մը, սակայն երէկուանին ձեւաչափը քիչ մը տարբեր էր, որովհետեւ տնօրէններու առընթեր լիսէներու հայերէնի ուսուցիչներն ալ սեղանի շուրջ էին այս անգամ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ լիսէներու տնօրէններու խորհրդակցութեան ընթացքին արժեւորումներ կատարուեցան արեւմտահայերէնի առկայ նահանջի լոյսին տակ։ Ուստի, ընդգծուեցաւ հայերէնի դասաւանդութեան կարեւորութիւնը ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ հայերէնի դասաւանդութեան այժմու ընթացքը գիտական մերձեցումով պէտք է քննարկման ենթարկուի, որպէսզի հարցերը ճշդուին եւ սկսի լուծման ուղղեալ գործնական աշխատանքը։ Այդ որոնումները թէ՛ տեսական եւ թէ կիրառական բնոյթ պէտք է ունենան՝ միշտ նպատակ ունենալով հայերէնի դասաւանդութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ մեր այժմու հայերէնի ուսուցիչները պատրաստուած են իրենց ուսումնառութեան շրջանի պայմաններով, իսկ այսօրուայ աշակերտներու պարագային կարելի չէ դասաւանդել այդ նոյն պայմաններով։ Այսօր անհրաժեշտ են ճշգրտումներ հայերէնի վերաբերեալ աշակերտներէն ակնկալութիւններուն շուրջ՝ ըստ անոնց դասարաններուն ու մակարդակներուն։ Ընկերաբանական մերձեցումով ուսումնասիրութիւններն ալ կրնան նպաստել հայերէնի դասաւանդութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման՝ դրական ազդակներու բացայայտումով։

Լիսէներու տնօրէններն ու ուսուցիչները դիտել տուին, որ կը ջանան լաւագոյնը ընել այժմու հնարաւորութիւններու շրջանակին մէջ։ Անոնք մատնանշեցին, որ հայերէնի դասաւանդութեան պարագային ներկայիս որդեգրուած է ո՛չ թէ մայրենի լեզուի ուսուցման, այլ օտար լեզուի ուսուցման մեթոտը։ Հետեւաբար, համապատասխան ծրագրեր եւ մեթոտներ պէտք է մշակուին թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ աշակերտներու համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց անհատական ճիգերով կատարուած աշխատանքները։ Ան համոզուած է, թէ միասնական ու համակարգուած աշխատանքի շնորհիւ կարելի է մշտական արդիւնքներ քաղել՝ յօգուտ մեր աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ ի նպաստ մեր այժմու կամ ապագայի կրթական մշակներուն։ Ան առաջարկեց իւրաքանչիւր դասարանի համար այժմէականացնել հայերէնի դասաւանդութեան ծրագիրը։ Ըստ իրեն, անյետաձգելի կը համարուի արդի պայմաններուն յարմարեցուած պատշաճ դասագիրքերու պատրաստութիւնը։ Հաւաքոյթի մասնակից կրթական մշակներն ալ համամիտ գտնուեցան, թէ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է մասնագէտներէ արհեստավարժ օժանդակութիւն ստանալ՝ ներկայ պայմաններով կիրառելի մեթոտներու ձեւաւորման ուղղութեամբ։

Հուսկ, կրթական մշակները հերթական անգամ երախտագիտութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան կողմէ մեր կրթական կեանքին նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հերթական անգամ անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը եւ բոլորին մաղթեց յաջողութիւն եւ կարողութիւն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021