ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու իր գործակից ընկերները։ Հիմնարկի վարիչները այս քաղաքավարական այցելութիւնով շնորհաւորեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչայինները հաւաստիացուցին, որ կառոյցը աշակերտաց եւ մշակոյթի առաքելութեան ճամբով պիտի շարունակէ իր նպաստը բերել համայնքային կեանքին։

Ամենապետիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը յղեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչայիններուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2020