ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄՆ-Ի ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՏԵՐՆԸԼԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլը, որուն կ՚ընկերանար հիւպատոսարանի քաղաքական հարցերու գծով խորհրդականը։ Ամերիկացի դիւանագէտները Պատրիարքարան փութացած էին շնորհաւորելու համար Նորին Ամենապատուութիւնը եւ այս առթիւ հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու անոր հետ։ Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Աթոռի առաքելութեան եւ պատմութեան մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ամերիկացի դիւանագէտներու նկատառման յանձնեց, որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մին է եւ իր հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս կը ջանայ յագեցնել թրքահայ համայնքի զաւակներու կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներու քաղաքավարական այցելութեան համար եւ, իր հերթին, անոնց յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Հիւրերը Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ շրջայց մը կատարեցին նաեւ Պատրիարքարանի «Կոլոտ» թանգարանին մէջ՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ուղեկցութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2020