Ուրբաթ 7, Փետրուար 2025
ՄԵԼՔՈՆ ՔԱՐԱՔԷՕՍԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր ծանօթ ազգայիններէն Մելքոն Քարաքէօսէն, որ Սամաթիոյ պատուոյ նախագահն է։ Մելքոն Քարաքէօսէ, որ քաղաքավարական այցելութիւնով մը ներկայացած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Նորին Ամենապատուութեան։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար՝ Մելքոն Քարաքէօսէին փոխանցելով օրհնութիւններն ու համայնքային կեանքէն ներս տարած աշխատանքներուն համար յաջողութեան մաղթանքներ։
Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2020