ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԳԱՒԱԶԱՆԱԿԻՐ

Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գաւազանակիրը նշանակուեցաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ծանօթ է, որ գաւազանակիրի պաշտօնը կը վարէր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որուն ներկայիս կը յաջորդէ երիտասարդ միաբանը, որ միեւնոյն ժամանակ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024