ՈՉ ԵՒՍ Է ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն բաժ­նի խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեան։ 80 տա­րե­կան հա­սա­կին ան մա­հա­ցած է ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով։

Իր սե­րուն­դի յատ­կան­շա­կան դէմ­քե­րէն մին ե­ղած է Սար­գիս Սե­րովբեան, ո­րու կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բազ­մա­կող­մա­նի եւ դի­պուկ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուած է այ­սօր հրա­պա­րա­կուած ըն­տա­նե­կան մա­հազ­դին մէջ։ Ան­ցեա­լի մէջ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին ալ աշ­խա­տակ­ցած Սար­գիս Սե­րով­բեան վեր­ջին շուրջ տաս­նհինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ան­փո­խա­րի­նե­լի նպաստ մը բե­րած էր «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի կա­յաց­ման, գոր­ծակ­ցե­լով հան­գու­ցեալ Հրանդ Տին­քին հետ։ Ան հայ­կա­կան տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րուն հե­տա­մուտ մտա­ւո­րա­կան մըն էր, ա­նու­շադ­րու­թեան չէր մատ­ներ նաեւ նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան ու դի­ցա­բա­նա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րը։ Հե­ղի­նա­կած էր նաեւ այս մա­սին գիրք մը, ու­նէր նաեւ թարգ­մա­նու­թիւն­ներ։

Ե­րախ­տա­շատ ու հա­մեստ գրչի մշակ մըն էր Սար­գիս Սե­րո­վբեան, ո­րու տա­րած աշ­խա­տան­քը ան­մո­ռա­նա­լի պի­տի դառ­նայ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Սար­գիս Սե­րո­վբեա­նի հոգ­ւոյն՝ մեր խո­նար­հու­մը բե­րե­լով իր վաս­տա­կին առ­ջեւ։ Խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­ներ կը յայտ­նենք իր կո­ղակ­ցին՝ Մա­նի­շակ Սե­րո­վբեա­նին, որդ­ւոյն՝ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րո­վբեա­նին, դստեր՝ Կա­րի­նէ Սե­րով­բեա­նին եւ հա­մայն ըն­տա­նի­քին։ Նոյն առ­թիւ մեր վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015