«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՐԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթ  մը ունեցաւ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին առընթեր։ Համաշխարհային պարի օրուան ձօնուած էր այս ձեռնարկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Երեկոյթը պատուեցին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան՝ իրենց տիկիններուն հետ։

Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի հսկողութեան ներքեւ «Մարալ» անգամ մը եւս խոր տպաւորութիւն գործեց հանդիսատեսին վրայ։ Համոյթը ներկայացուց շուրջ երկու տասնեակ հայկական ազգագրական պարեր՝ արժանանալով բուռն ծափողջոյններու։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, «Մարալ»ի բուն կազմին առընթեր, երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ փոքրիկներու եւ պատանիներու կազմը։ Երեկոյթի աւարտին «Մարալ» արժանացաւ ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018