«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ՀԷՔԵԱԹԱՏՕՆԸ

Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ «Հէքեաթատօն» մը, որ «Փոքրիկ» կայքէջի նախաձեռնութիւնն էր։ «Փոքրիկը հէքեաթ կը պատմէ» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին 15 համայնքային վարժարաններէ՝ 7-10 տարեկան աշակերտներ։ Քանի մը տասնեակ դպրոցականներ այս ծիրին մէջ պատմեցին շարք մը հէքեաթներ՝ համաշխարհային կամ հայկական մանկական գրականութենէն։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Գարօլին Մամիկոնեանի, որ այդ դերը կատարեց իր որդւոյն՝ Տիրան Մամիկոնեանի հետ։ Դպրոցականներուն կողմէ պատմուած հէքեաթները տեսագրուեցան եւ անոնք յառաջիկային պիտի ներկայացուին կայքէջին մէջ։ Խանդավառ ձեռնարկին տեւողութեան երաժշտական յայտագիր մըն ալ գործադրեցին՝ Լառա Նարին եւ Արի Հերկել։ Մասնակից աշակերտները ստացան նաեւ յուշանուէրներ եւ շնորհակալագրեր։

Հանդիսութեան մասնակիցներու շարքին էին Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ «Փոքրիկ»ի շարք մը պատասխանատուներ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Զեքիեան Գերապայծառ եւ յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու, որ կ՚աջակցի «Փոքրիկ»ի հէքեաթներու ձայնաւորման։ Այս առթիւ Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորեց «Փոքրիկ»ը եւ ընդգծեց, որ մանկական գրականութեան յարատեւումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Երբ համակարգիչը այսքան կը գերակշռէ առօրեայէ ներս, «Փոքրիկ»ի տեսած գործը շատ յուսադրիչ է։ Գերապայծառը, միեւնոյն ժամանակ, փափաք յայտնեց՝ թէ մեր վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչները մասնաւոր կարեւորութիւն ցուցաբերեն աշակերտներու առոգանութեան նկատմամբ։

Երկու մասէ բաղկացեալ յայտագրին մասնակցեցաւ ընդամէնը քառասուն աշակերտ։ «Փոքրիկ» կայքէջը կարճ ժամանակի ընթացքին արձանագրած է լուրջ վերելք եւ այդ ձեռնարկն ալ եկած է համալրել անոր ձեռքբերումներու շարքը։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018