ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ՈՒՐԱԽ ԿԻՐԱԿԻՆ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ուրախ Կիրակի մը ապրեցաւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան մը առթիւ։ Այսպէս, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդիսապետեց փոքրիկն Մելիս Մայայի մկրտութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Կնքահայրն էր Մուրատ եւ Մերի Փեքմէզեան ամոլը։ Փոքրիկն Մելիս Մայա դուստրն է Տքթ. Էրօլ եւ Տքթ. Թուպա Քոզանօղլու ամոլին։ Նկատի ունենալով, որ Քոզանօղլու ընտանիքը գատըգիւղցիներու շրջանակէն ներս կը վայելէ բարի համբաւ ու համակրանք՝ այս խորհրդակատարութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ուրախութեան։ Երեկոյեան ալ ընտանեկան ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Մոտայի ծովային ակումբին մէջ։

Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք մը կը մաղթենք փոքրիկն Մելիս Մայայի, կը շնորհաւորենք իր ծնողքը, կնքահայրը եւ ամբողջ ընտանիքը։ Այս առթիւ մեր մասնաւոր խնդակցութիւնները նորոգ մկրտեալի մեծ ծնողաց՝ Արթօ եւ Ռիթա Քոզանօղլու ամոլին։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018