ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ երէկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Վոսփորի ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութեան նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ եկեղեցիէն ներս։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Հրաչ Օհանեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Յուսիկ Սաքմանի։

Հանդիսադիր սրբազան հայրը արարողութեան ընթացքին դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Յովհաննէս Քէօսէի, Մարտիրոս Մարտիկեանի, Հերման Պաքըրէլի, Էտկար Իգիթեանի, Արտէն Թունչի, Քամի Էրլամպաքօղլուի, Անդրանիկ Պաքըրճեանի եւ Թադէոս Շանթ Քարափէքմէզի։

Նոյնպէս Ս. Պատարագի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը կատարեց սրբապատկերի մը օծումը։ Հարկ է նշել, որ այդ սրբապատկերը ստեղծագործուած էր Հրաչ Օհանեանի կողմէ ու վերջերս յանձնուած՝ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։ Սրբապատկերին մէջ ներկայացուած է Տէր Յիսուսի պայծառակերպումը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Գուրուչէշմէի թաղային խորհուրդը պատուասիրեց հոգեւոր հայրերը եւ ներկայ հաւատացեալները, որոնք պարտէզին մէջ անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ, վալելելով նաեւ բարենպաստ եղանակը։ Ատենապետուհի Իրմա Փոլատ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին թէ՛ հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Այս առթիւ բոլորը իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Գուրուչէշմէի թաղային խորհուրդին համար, որ վառ կը պահէ մեր այս եկեղեցւոյ կանթեղը։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018