ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժիւլիէթ Տեմիրճիօղլուն եւ Լինտա Չաղլըն։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը ձեռնամուխ եղած է կարեւոր ծրագրի մը՝ քաղաքս հրաւիրելով «stand-up»ի մեծ վարպետ Քեւ Օրգեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը բացատրութիւններ տուին ամսավերջին նախատեսուած երկու ելոյթներուն շուրջ։

Այդ ձեռնարկներուն հասոյթը պիտի օգտագործուի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս ուսուցման արդիականացման ուղղեալ ծրագրեր կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։ Թաղային խորհուրդի սահմանափակ միջոցներու պայմաններուն ներքեւ ծնողաց միութիւնը նախատեսած է այսպէսով ստեղծել յաւելեալ միջոցներ։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018