ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ ՄԸ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս առաւօտ Ֆէնէրպահչէի մէջ կազմակերպեց ամառնամուտի հաւաքոյթ մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ «Khalkedon» ճաշարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ համախմբեց զանազան թաղերէ տիկիններ։ Ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեանի կողմէ գլխաւորուած տիկնանց կազմը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ներկաները, որոնց շարքին էր նաեւ երէցկին Սիլվա Տամատեան։ Մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց, մինչ երաժշտական յայտագիր գործադրեցին Արէտ Խրիմեան եւ «Թրիօ» խումբը։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Վերժին Պիւքիւճեան, Արտա Ուզուն, Անահիտ Պալեան, Տալիտա Քըլըչճը, Ալին Շէնճան, Նատիա Կարագեան, Մելինէ Քըլըչսորալ, Իրմա Քոնաք, Ազնիւ Չոպան, Արլէթ Կիւնթէր, Անի Էսէնէր, Սիրուկ Քոլիոզեան, Մինէ Էրլեւենտ եւ Նելլի Սիրունեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019