ՄԱՀ՝ Ս. Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՆԱԽԿԻՆ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐԷՆ ԳՐԻԳՈՐ ՄԸԽՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն մին՝ Գրիգոր Մըխճեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ իր կորուստը որոշ չափով ենթարկուած է անուշադրութեան։ Դժբախտաբար Գրիգոր Մըխճեան կեանքէ հեռացած է առանց խոր ծերութեան հասնելու՝ իր բնակարանին մէջ պատահած ուղեղային խռնումի հետեւանքով։

Գրիգոր Մըխճեան 1952 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Մանկութիւնը անցած էր Կէտիկփաշայի մէջ, ուր յաճախած էր նաեւ տեղւոյն երբեմնի Մեսրոպեան վարժարանը։ Աւելի վերջ ընտանեօք հաստատուած էին Սկիւտար։ Գրիգոր Մըխճըեան աւարտած էր Կեդրոնական վարժարանը, աւելի վերջ ալ նետուած՝ գործի կեանքի։ Ելեկտրական համակարգերու զանազան սարքերու առեւտուրով եւ արտադրութիւնով զբաղած էր արհեստավարժ կեանքէ ներս։ Շրջան մը արձանագրած էր մեծ վերելք՝ հասնելով արտադրական մեծ կարողութիւններու։

Համայնքային կեանքէ ներս միշտ վայելած էր համակրանք եւ յարգանք։ Մեր հաստատութիւններէն չէր զլացած իր զօրակցութիւնը։ Երկու շրջան ալ մաս կազմած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան. անգամ մը՝ հոգելոյս Փիլօ Աթանի ատենապետութեան շրջանին, իսկ անգամ մըն ալ՝ ներկայ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի առաջին շրջանին։

Գրիգոր Մըխճեան ունէր հաղորդական նկարագիր մը եւ իբր այդ համատարած սէր կը վայելէր ընկերային կեանքէ ներս։ Միեւնոյն ժամանակ տիպար ընտանեկան հայր մըն էր, ունէր երկու զաւակ։ Դժբախտաբար, Նախախնամութեան տնօրինութիւնը այնպէս մը եղաւ, որ ան իր սիրելիներէն հրաժեշտ առաւ բաւական շուտ։

Իր մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր յառաջիկայ օրերուն իր ընտանիքի մասնակցութեամբ պիտի նշուի քառասունքը՝ համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած առկայ կացութեամբ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Գրիգոր Մըխճեանի բարի հոգւոյն եւ խորազգած ցաւակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Լիւսի Մըխճեանին, զաւակներուն եւ համայն ընտանիքին։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020