ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐՄԱ ՓՈԼԱՏԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Իրմա Փոլատը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Զրոյցի ընթացքին թաղային խորհուրդի գործունէութեան ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուեցաւ նախագահելու եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը յղեց Գուրուչէշմէի ընտանիքին։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2022