«ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ» ՄՐՑՈՅԹԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային ժողովրդական պարերու մրցոյթին աւարտականը երէկ տեղի ունեցաւ «Պողազիչի» համալսարանի «Կարանթի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ «Յաւերժութիւն» խորագրեալ այս ծրագրին արդէն երկրորդ փուլն էր այս մէկը։ Օրուան տեւողութեան հայկական ժողովրդական պարեր ներկայացուեցան վերոյիշեալ մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր համախմբուած էին բազմաթիւ ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Գալայճեանի հանդիսավարութեամբ։ Սկիզբին «Մարալ» համոյթը հանդէս եկաւ ազգագրական պարերով։ «Յաւերժութիւն» մրցոյթի մասնակից դպրոցներու խումբերը աւելի վերջ ներկայացուցին ազատ պարեր։ Իսկ մրցոյթի առաջին փուլին համար նախատեսուած «Սասուն» պարը ներկայացուեցաւ այն չորս խումբերուն կողմէ, որոնք համարուած էին առաջին փուլի յաջողագոյնները։
Աւելի վերջ առանձնացան դատակազմի անդամները՝ Պանու Քուրտօղլու, Սարեմ Քիւլէկէչ-Շէշէթեան, Կարպիս Չափքան, Լեւոն Թապէրեան եւ Արամ Կոստանեան։ Մինչ դատակազմը կեդրոնացաւ իր աշխատանքին վրայ, դարձեալ բեմ առաւ «Մարալ», որու ներկայացուցած պարերը ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն։
Յաջորդեց մրցոյթի արդիւնքներուն հրապարակումն ու մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ «Սասուն» պարի ներկայացման շրջագծով առաջին հանդիսացաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, որուն յաջորդեցին Տատեան վարժարանն ու Էսաեան վարժարանը։ Ազատ պարի անուանակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Տատեան վարժարանը, որուն յաջորդեցին Գալֆաեան Տունն ու Եշիլգիւղի վարժարանը։ Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին դափնեկիրներուն յանձնուեցան նուէրներ, մրցոյթի մասնակից բոլոր աշակերտներն ու վարժարաններն ալ ունեցան մասնակցութեան վկայականներ։
«Յաւերժութիւն» մրցոյթի կազմակերպիչները կը նախատեսեն շարունակել այս ծրագիրը եւ հետեւողական աշխատանք տանելով աւանդական բնոյթ մը տալ այս նախաձեռնութեան։ Մինչ այդ, կազմակերպիչները կոչ ուղղեցին, որպէսզի մեր համայնքի ծնողները առաջնորդեն իրենց զաւակները՝ մասնակցելու «Մարալ» համոյթի գործունէութեան։