Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ՝ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԷ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց մեզի վայելելու այս նուիրական օրը, վերստին շնչելու Էսաեան վարժարանի օրհնաբոյր մթնոլորտը, վերաթարմացնելու մեր աշակերտական քաղցր եւ անմոռանալի յուշերը։
Յիսուն տարի անցեր է, սկսեալ մեզի համար նուիրական այս կրթական յարկէն բաժանման պահէն, որպէս շրջանաւարտներ նախակրթարանի։ Մեզի համար անմոռանալի այս սրահին մէջ եւ մանաւանդ այս բեմին վրայ սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ կ՚անդրադառնանք, թէ Էսաեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսումնական շրջանը բաւած էր, որ մեր ստացած ոգիով բաժանման պահը վերածուէր ուխտի պահի մը, հաւատարիմ մնալու մեր արժանացած Էսաեանի սան ըլլալու կոչումին, անեղծ պահելով Էսաեանի դրոշմը։
Էսաեան վարժարանը Սիպիլի բառերով «Իմաստութեան տաճար» է։ Անուրանալի է Էսաեան վարժարանի երախտաշատ ծառայութիւնը պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս։ Օրհնեալ այս ծառայութեամբ արժանացած է «ուսուցչանոց» արդար կոչումին։ Հոս երախտիքով կը յիշեմ մեր անմոռանալի տնօրէնուհին՝ Օր. Հերմինէ Գալուստեանը, որուն իմաստուն մականին ներքեւ կը պաշտօնավարէին երեք սերունդէ կրթական մշակներ, եւ այդ իմաստուն կեցուածքին շնորհիւ էր, որ Էսաեանը վերածուած էր, բառին իսկական առումով «դպրոց»ի։ Վարժարանի այս հանգամանքին անդրադարձած էինք հետագայի մեր ուսումնական շրջանին, երբ տակաւ առ տակաւ կը զգայինք այդ «դպրոց»ի հարուստ աւանդութեան կարեւորութիւնը, զգացում մը՝ որ ցարդ վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ։
Մեր աշակերտութեան շրջանին ի տղայ տիոց սորվեցանք, թէ մեր ձեռքբերած յաջողութիւնները պէտք էին ըլլալ շարունակական։ Յաջողութիւն մը երբ կը գնահատուէր, անոր կը հետեւէր ազդարարութիւնը, որով կ՚ընդգծուէր անթուլ աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Նաեւ սորվեցանք, թէ անյաջողութեան մատնուելու պարագային պէտք էր հեռու մնալ յուսահատութենէ եւ լծուիլ՝ կըրկ-նակի աշխատանքի։ Նաեւ սորվեցանք, թէ վիճակացոյցի դէմի էջի վարքի թիւը որքան կարեւորութիւն ունէր, որմէ նուազած մէկ նիշը ընդհանրապէս ցուցիչը կ՚ըլլար մեր անառակութեան, որ առիթ կ՚ընծայէր ազդարարութեան եւ այդ կ՚ըլլար կատակախառն խրատով։
Մեզի համար յոյժ նուիրական այս պահուն, կը յիշենք մեր ուսուցիչները, որոնք սկսեալ մանկապարտէզի գրասեղաններէն մեզ սիրեցին, մայրական գուրգուրանք ցուցաբերեցին, համբերութեամբ խրատեցին ի տես մեր անառակութեանց եւ աշակերտական թերութիւններուն, ուսում ջամբեցին, քաղցրութեամբ դաստիարակեցին եւ նախակրթութեան աւարտին հասցուցին։
Հոս կ՚ուզեմ պահ մը վերադառնալ մանկական օրերուս եւ յիշել իմ ուսուցիչներս։ Նախ սիրազեղ ողջոյններ կ՚ուղարկեմ Տիկին Արաքսի Ազնաւուրին՝ իմ մանկապարտէզի առաջին ուսուցիչիս եւ օգնական մանկապարտիզպանուհի երէցկին Արիգնազ Տիրիէլեանի, առաջին դասարանի ուսուցչուհիիս՝ Օր. Ժանէթ Աղայիկեանի եւ չորրորդ դասարանի ուսուցչուհիիս՝ Տիկին Թագուհի Վոլքանի։ Երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան «յիշատակի մեծ կորուստ մը կը նկատէ Ա. Բ. .Գ.ի դասին մոռացումը եւ անով եղծուած կը տեսնէ մտքի պատմութեան աղքատ էջերուն ամենէն սիրուն տողերը»։ Ես անարժանաբար այդ կորուստին ցաւը չեմ ապրիր եւ կը յիշեմ, թէ մանկապարտէզի գրասեղաններուն վրայ սկսայ այբուբենի առաջին դասերը ստանալ, օժանդակութեամբը Տիկին Արաքսի Ազնաւուրի օրհնեալ ձեռքերուն, որով կեանքի վերածուած էին Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի «Այբուբենի դասերը» բանաստեղծութեան առաջին տողերը.
«Այգուն զուարթուն երբ զարթնուն նինջէն աչերդ զգաստուն
Բարի մանուկ հայկազուն, սրտանց ես կը փափաքիմ
Գողտր ու ոսկի մեր գիրեր սորվեցնել քեզ՝ Այբ, Բեն, Գիմ »։
Հանգստեան աղօթքով կը յիշեմ Օր. Հայկուհի Պաղտասարեանը եւ Օր. Պերճուհի Դանիէլեանը իրենց ձեռաց զանգակներով, որոնք երբեմն կը ծառայէին որպէս պատժամիջոց։ Երկրորդ դասարանէն կը յիշեմ Օր. Նուարդ Փիրանեանը, Տիկին Ալիս Շէխիկեանը եւ Օր. Աստղիկ Շէնկիլը, առաջինը՝ թուաբանութեան, երկրորդը՝ գիտութեան, իսկ երրորդը՝ մարզանքի։ Երրորդ դասարանէն Տիկին Թագուհի Ֆիտանը, պատուաստումի օրերուն Տքթ. Տանտին Աքսայի գլխաւոր օգնականը. Օր. Արմաւենի Ոսկերիչեանը՝ ուղղագրութեան, Օր. Էլիզ Պիլէզիքճեանը՝ թուաբանութեան։ Աւարտական դասարանէն կը յիշեմ Օր. Հայկանոյշ Հագցեանը, գծագրութեան ուսուցիչ՝ Օր. Սիրվարդ Շահպազը, մարզանքի ուսուցիչ Օր. Էվկէնիա Նանասօֆը, երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Օր. Գոհարիկ Տիրատուրեանը։ Ինչպէս կարելի է մոռնալ Տիկին Գոհարիկ Համբարձումեանը, իր բազմոցով եւ բարակ մատիտով։ Բնականաբար կը յիշեմ թրքերէն ճիւղերու ուսուցիչներս՝ Սաֆուրէ Էօնտէրը, Իլհան Քուրթպայը եւ Նէրիման Ապտիօղլուն։
Երբ հանգստեան աղօթքով կը յիշենք ի Տէր ննջած մեր ուսուցիչները, քաջառողջ կեանք կը մաղթենք անոնց, որոնք ի կեանս են։ Մեզի համար ուրախութիւն է վայելել անոնց ներկայութիւնը եւ ողջունել իրենց կրթանուէր առաքելութիւնը, մատչելով համբուրիւ իրենց օրհնեալ ձեռքերուն, որոնք սերունդներ կերտեցին։
Այս ուրախ առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիկին Սաթենիկ Նշանի, որ սիրով ընդառաջեց մեր կողմէ ներկայացուած խնդրանքին եւ մենք այսօր նախակրթարանի մեր շրջանաւարտութեան յիսնամեակին, կրցինք գիրկընդխառնուիլ Էսաեանի մեծ ընտանիքի մէն մի անդամին հետ, հաղորդ դառնալով Էսաեանի մեծ խորհուրդին, որուն մէջ կը յայտնուի անցեալը ու ներկան, զօթուած՝ անքակտելի կապերով։ Էսաեանի մեծ խորհուրդը, հաստատուած՝ ամուր հիմերու վրայ, յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, թէ վարժարանը ապագային եւս պիտի շարունակէ գոյետեւել իր սրբազան առաքելութեամբ։
Սիրելի Էսաեան վարժարան, քեզմէ սորվեցանք աշխատութեան սուրբ օրէնքը։ Նաեւ դուն սորվեցուցիր զրկանքէ հեռու, փառք ու բերկրանք վայելելու նախապայմանը, որ էր աշխատանքը։ Օրհնեալ ըլլաս եւ օրհնեալ մնաս մեր սիրելի վարժարան։ Այս հաւատքով ու մաղթանքով լիահագագ կը գոչենք. Ապրի Էսաեանը եւ ապրի Էսաեանցին։
Սէր եւ յարգանք ձեր բոլորին։
27 Մայիս 2017