ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի նոր կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արի Չոլաքի։ Ողջունելով նորանշանակ վարչայինները՝ նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ Կազդուրման կայանը յատուկ առաքելութիւն մը ունի համայնքային կեանքէն ներս, ուստի, անոր գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի կատարեալ մակարդակով։ Ընդհանուր փոխանորդը բարձր գնահատեց նաեւ երիտասարդ վարչայիններու կողմէ ցուցաբերուած յանձնառու ոգին եւ յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքներուն համար։

Կազդուրման կայանի Հոգատար մարմնի ներկայացուցիչներն ալ նորին սրբազնութեան բացատրութիւններ տուին իրենց նշանակումէն ի վեր տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Անոնք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ բաժնեցին Կազդուրման կայանի վերաբերեալ իրենց տեսլականը ու խոստացան եռանդով աշխատանք տանիլ հաստատութեան առաքելութեան ուղղութեամբ։ Անոնք զրոյցի ընթացքին մի առ մի ներկայացուցին նոր վարչութեան անդամները։

Հուսկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կազդուրման կայանի վարչայիններուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը, ու մաղթեց, որ անոնց աշխատանքին շնորհիւ կայանի փոքրիկ սաները հնարաւորութիւն ունենան անցընել ամրան թէ՛ հաճելի եւ թէ օգտակար արձակուրդի շրջան մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019