ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 70-ԱՄԵԱԿԸ

Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 70-ամեակը, անցեալ շաբաթավերջին հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ՝ Նիւ Եորքի շրջանի Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։

Նիւ Ճըրզիի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական տօնակատարութիւն մը, որուն նախագահեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Ներկայ էին Ս. Խաչ դպրեվանքի երբեմնի սաներէն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, վարժարանի երբեմնի դասատուներէն Արտաշէս Սրկ. Նշանեան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան։ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն Դպրեվանքի սաներ ու համակիրներ եւս փութացած էին Նիւ Եորք։ Աւելի քան 250 հոգի համախմբուած էին սոյն տօնակատարութեան համար։

70-ամեակին առթիւ պատրասուած էր յիշատակի գիրք մը, որուն մէջ տեղ գտած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքը, ուր նշած է հետեւեալը. «Այս ուրախ առթիւ, հայրական սիրով կ՚ողջունենք վարժարանի այժմու վարիչները, տնօրէնը, ուսուցչական կազմը, սաները եւ սատարողները ու բոլորին կը մաղթենք քաջառողջ կեանք եւ յաջողութիւն՝ իրենց ազգանուէր գործունէութեանց կապակցութեամբ։ Մեր օրհնութիւնը կը տարածուի նաեւ Պոլսոյ եւ սփիւռքի Դպրեվանքի սանուց միութիւններուն վրայ, քանի անոնք կը մնան միշտ կապուած իրենց կրթական օրհնեալ օճախին ու կ՚ապրեցնեն աշակերտական շրջանին ստացած եղբայրական սիրոյ եւ միասնականութեան ոգին»։

Երեկոյթին հանդիսավարն էր Սարգիս Ալթան։ Բացման խօսքը արտասանեց Նիւ Եորքի շրջանի Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ տքթ. Յակոբ Համբարձումեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եւ իր կեանքի փորձառութենէն օրինակներ տալով յայտնեց, թէ Դպրեվանքը որքան մեծ առաքելութիւն ունեցած էր իր զարգացման վրայ։ Այդտեղ ծանօթացած էր իր մայրենի լեզուին եւ այսօրուան իր դիրքը կը պարտէր Դպրեվանքին։

Իր կարգին, արտայայտուեցաւ նաեւ Թորոս Ալճան, որ Պոլիսէն ժամանած ըլլալով վարժարանի այժմու վիճակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, թէ վարժարանը ներկայիս եւս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Ապա հատուեցաւ 70-ամեակի կարկանդակը։ Շրջանաւարտութեան 50-ամեայ յոբելեարներուն եւ Քէօլնէն ժամանած նախկին սաներէն Յակոբ Էսէնտիր Գասպարեանին յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Հուսկ բանքը արտասանեց առաջնորդ հայր սուրբը եւ ուրախութիւն յայտնեց՝ տեսնելով, թէ բազմաթիւ պոլսահայեր համախմբուած են։ Այս առումով Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան յայտնեց, թէ ինք եւս այս առիթով գտնուած է Պոլսոյ մէջ, այցելած է նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքը։ Այս մէկը առիթ ընծայած էր՝ տեղւոյն վրայ ականատեսը դառնալու Պոլսոյ կրթական կարեւոր հաստատութիւններէն միոյն անցեալին եւ գործունէութեան։ Այս առթիւ հայր սուրբը օրհնեց ներկաները եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ։ Հանդիսութեան տեւողութեան հիւրերը հայկական երաժշտութեամբ զուարճացան։

Իսկ յաջորդ առաւօտ, Հոգեգալուստի տօնին Թենըֆլայի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։ Արարողութեան աւարտին հոգեհանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան երանաշնորհ պատրիարքներ՝ Գարեգին Արք. Խաչատուրեան, Շնորհք Արք. Գալուստեան, Գարեգին Արք. Գազանճեան եւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի հանգուցեալ հիմնադիրները, բարերարները, տնօրէնները, սպասաւորներն ու սաները։

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ հոգեճաշ, որ պատրաստուած էր Ս. Խաչ դպրեվանքի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։ Սրահի երդիքին տակ ցուցադրուեցաւ 70-ամեակի առթիւ պատրաստուած տեսերիզ մը։ Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն՝ Ս. Խաչ դպրեվանքին ու ընտանիքին մաղթելով երկար տարիներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023