ԱԹՈՌԷՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ խորհրդակցութեան հրաւիրեց պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները։ Յետմիջօրէին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ծաւալուն քննարկում մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ մեր մամուլի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ներկայ տարուան առաջին կէսին Նորին Ամենապատուութիւնը արդէն երկրորդ անգամ մէկտեղուեցաւ համայնքային մամուլի վարիչներուն հետ՝ խոշորացոյցի տակ առնելով այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք ծառացած են մեր լրատուամիջոցներու առջեւ։ Այս անգամուան խորհրդակցութեան օրակարգի առաջնահերթ նիւթերն էին մամուլի տնտեսական դժուարութիւնները։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Բացման աղօթքէն վերջ, խորհրդակցութեան սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Սա միեւնոյն ժամանակ ներածականի մը բնոյթը ունէր։ Այս փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը զգալի դարձուց Պատրիարքական Աթոռի խրախուսանքը մեր մամլոյ գործունէութեան համար։ Սկզբունքային հարթութեան վրայ ան բացատրեց, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ պոլսահայ մամլոյ հաստատութիւններու գործունէութեան կայունութիւնը՝ գերադասելով համայնքէն ներս առողջ հաղորդակցութեան դրութեան մը երաշխաւորումը, մեր ժողովուրդը ինքնութեան արժէքներուն հաղորդ պահելը եւ մանաւանդ զգայնութիւն ցուցաբերուիլը մայրենիի օգտագործման ուղղութեամբ։ Ան այս բոլորը ընդգծեց՝ հաշուի առնելով, որ առկայ տնտեսական տակնուվրայութեան պայմաններու ներքեւ մեր բոլոր հաստատութիւնները կը դժուարանան գոյատեւել եւ այդ ահաւոր դժուարութիւններէն բաժին կը վիճակի նաեւ մեր մամուլին։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ մեր մամուլի առաքելութիւնը մեծապէս կարեւոր է եւ առանց արհեստավարժութեան որեւէ կառոյց առաւելագոյն ազդեցութեան չի կրնար հասնիլ իր բնագաւառէն ներս։ Այս իրողութեան մեկնակէտով Նորին Ամենապատուութիւնը բաժնեց իր դիտարկումները մեր մամլոյ պատասխանատուներուն հետ։ Այսօր համայնքէն ներս նիւթական նոր միջոցներու որոնման շրջան մըն է։ Սա Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ եւս ի զօրու է եւ Նորին Ամենապատուութիւնը ենթադրելի կը համարէ, որ մամուլն ալ անմասն չէ այս երեւոյթէն։ Տնտեսական կացութիւնը նոյնիսկ քորոնաժահրի առկայ համաճարակէն առաջ այդքան ալ փայլուն չէր, իսկ ներկայիս վրայ հասած է նաեւ համավարակը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ արեւելեան մշակոյթներու մէջ մամուլի գործը միշտ իտէալիստներու կողմէ յառաջ տարուած է հազար զոհողութիւնով։ Սա ի զօրու է նաեւ թրքական մամուլի պարագային։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ մամուլը մեր իրականութեան մէջ կը համարուի վարժարանի համազօր։ «Երբ ես հայերէն կը սորվէի, թերթերը եղած էին իմ դպրոցս», ըսաւ ան եւ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց այն մտայնութիւնը, որ ներկայիս կը տիրէ մեր համայնքէն ներս։ «Մենք վերածուած ենք հաւաքականութեան մը, որ միայն դրամէ կախեալ դարձած է, չունենալով իտէալներ եւ նուիրականութիւններ։ Մեր մօտ այլեւս փակել կ՚առաջարկուի այն ամէն ինչը, որ շահաբեր չէ։ Պէտք է պայքարիլ այս մտայնութեան դէմ։ Դրա՛մը, նիւթակա՛նը այդ բոլորը ապրեցնելու համար են, այլ ո՛չ թէ նիւթականը աւելցնելու համար։ Մամուլը մեր հոգեւոր սիւներէն մին է, մեր հոգեւոր իրականութիւններէն մին է, մեր արժէքներէն մին է։ Պէտք է համայնքի վարիչներուն բացատրել, որ մեր մամուլը ի՛նչ կ՚ընէ եւ ի՛նչ ազդեցութիւն ունի։ Համայնքէ ներս հաղորդակցութիւնը մեզի համար, այս համայնքի գոյատեւման համար անվտանգութեան հարցի մը բնոյթը ունի, որովհետեւ մեր ապագան միայն այդպէս կարելի է երաշխաւորել», ըսաւ ան եւ շեշտեց, որ մեր բոլոր նախորդ պատրիարքները փորձած են ամրապնդել մեր մամուլը։

Խորհրդակցութեան տեւողութեան զանազան փուլերու մէջ ունեցած արտայայտութիւններուն ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շատ դիպուկ բանաձեւումներով խօսեցաւ նաեւ հայերէնի կարեւութեան վրայ։ Ան ցաւով մատնանշեց, որ մեր վարժարանները նոյնիսկ նուազագոյն մակարդակով հայերէնը ջամբել չեն յաջողիր մեր նոր սերունդին։ «Հայերէնը մեր նուիրականութիւնն է, գործօն մըն է, որ կը պայմանաւորէ մեր գոյութիւնը», շեշտեց ան եւ ընդգծեց, որ մեր մամուլն ալ բարոյական ճնշումի միջոց մըն է այդ բոլոր արժէքները ապրեցնելու եւ անոնց ուղղութեամբ հաւաքական կեանքէ ներս զգայնութիւնը արծարծուած պահելու նպատակով։

Երէկուան խորհրդակցութեան տեւողութեան թերթերու ներկայացուցիչները մի առ մի արտայայտուեցան՝ պարզելով իրենց առաջնահերթութիւնները եւ դիտարկումները։ Իւրաքանչիւրը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց իր հաստատութեան մասին եւ բաժնեց մտահոգութիւններ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համբերատարութեամբ ունկնդրեց մամլոյ ներկայացուցիչներուն։ Ան խօսուածներուն կը հետեւէր մեծ ուշադրութեամբ եւ իր լսածներու  լոյսին տակ օրակարգի վրայ կը բերէր նաեւ նոր հարցադրումներ։ Կարծիքի փոխանակումներուն դրական մասնակցութիւն բերին նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որոնք եւս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ արտայայտուած սկզբունքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն զուգահեռ՝ խօսեցան մեր մամուլի դերակատարութեան էական բնոյթին եւ գործունէութեան ապագայի երաշխաւորման նպատակով միջոցներ ստեղծելու ի նպաստ։

Արտայայտուած գաղափարներէն յայտնի կը դառնար, թէ ներկայիս հայ մամուլը կը պայքարի տնտեսական տագնապի մը դէմ, ինչ որ համազօր է հոսանքի դէմ թիավարելու։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները դիտել տուին, որ անհրաժեշտ է համայնքային հաստատութեանց հետաքրքրութիւնը եւ անոնց կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւնը՝ մանաւանդ ծանուցումներու հրապարակման միջոցաւ։ Ժողովականները համակարծիք էին, թէ հայ մամուլը կարեւոր է իր առաքելութեամբ եւ այդ առաքելութիւնը ցարդ յառաջ տարուած է մեծ զոհողութիւններով։ Աւելի քան երկու ժամ տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շատ լաւ ցուցմունքներ ըրաւ, համայնքի վարչական մտայնութիւնը հարցաքննելու առընթեր, համակողմանի մօտեցումով մը նոյն խնդիրը մեր լրատուամիջոցներու ալ առջեւ դրաւ։ Ան ընդգծեց ինքնաքննադատութեան եւ ինքնակատարելագործման կարեւորութիւնը։ Այդ բոլոր ցուցմունքները պատրաստեցին յարմար գետին մը, որու վրայ հնարաւոր եղաւ բոլոր երեսակներով շօշափել մամուլի առկայ դժուարութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը յստակօրէն յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռը կը գնահատէ պոլսահայ մամուլի գործունէութիւնը եւ իր բարոյական աջակցութիւնը կը բերէ անոր առաքելութեան շարունակութեան համար։ Ան կանգ առաւ նաեւ հայատառ մամլոյ առանձնայատկութիւններուն վրայ՝ արեւմտահայերէնին տէր կանգնելու տեսակէտէ։ Նորին Ամենապատուութեան սպասումն է, որ հայ մամուլը թափանցէ մեր համայնքի բոլոր խաւերէն ներս։

Դժուարութիւններու դիմագրաւման տեսակէտէ օրակարգի վրայ եկաւ՝ մամուլի հարցերու Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթութեան վրայ տեղափոխուիլը։ Սկիզբին Նորին Ամենապատ-ւութիւնը ունէր այն պատկերացումը, թէ մամուլի հաստատութիւնները ներկայացնեն իրենց պիւտճէները ԹՎՄ-ին եւ այդ հիման վրայ կատարուի արժեւորում մը։ Մամլոյ ներկայացուցիչները բացատրեցին, որ մեր լրատուամիջոցները վերջին հաշուով՝ որպէս այդպիսին վաքըֆներ չեն, որ ներկայացնեն իրենց պիւտճէները։ Բացատրուեցաւ, որ ի տարբերութիւն կրթական համակարգէն՝ մամուլի բնագաւառը ունի իր առանձնայատկութիւնները։ Մեր վարժարանները գործունէութեան բնոյթի առումով կրնան պիւտճէի համահարթեցման մը ենթարկուիլ՝ հաշուի առնելով նաեւ անոնց վերաբերեալ ակնկալութիւններն ու գործունէութեան նոյնանման չափանիշները։ Իսկ մամլոյ պարագային երեւոյթը ճիշդ հակառակն է։ Լրատուամիջոցները միշտ կը ձգտին իրենց տարբերութիւնները շեշտադրել եւ բնագաւառի ընդհանուր կենսունակութիւնը ինքնաբերաբար կ՚ապահովուի այս ձեւով։ Հետեւաբար, պիւտճէներու համահարթեցումը կամ ընդհանուր տրամաբանութեան արժեւորումը դժուար թէ նմանի մեր միւս կառոյցներուն։ Այս բոլոր իրողութիւններու լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր սկիզբի մտայղացումները որոշ չափով մշակուեցան՝ ոլորտի ներկայացուցիչներու ցուցմունքներով եւ խորհըր-դածութիւններով։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի ԹՎՄ օրակարգի վրայ ունենայ մեր մամլոյ հաստատութիւններու կացութիւնը եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Խորհրդակցութեան եզրափակիչ փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ մեր համայնքէն ներս հայ մամլոյ միութիւն մը ստեղծելու առաջարկը։ Ներկաները սկզբունքային տեսակէտէ առարկութիւն մը չունեցան։ Կ՚ակնկալուի, որ այս առաջարկն ալ հասուննայ յառաջիկայ շրջանին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան սկզբունքօրէն ողջունելի համարեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկը եւ հանդէս եկաւ խորհրդածութիւններով։

ԱՐԱՄ ՔՈՒՐԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԷՆ

Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնի դարձաւ, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) առցանց հարթակէն վերջին շրջանին եւս երկու հոգի դուրս եկած է։ Այս պարագային, այդ հարթակէն երկու համայնքային հաստատութիւն եւս բացակայիլ սկսած է գործնականօրէն։

Հարկ է նշել, որ ERVAB ունի առցանց հարթակ մը, որ կը համախմբէ մեր համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներն ու կարգ մը վարչայինները, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչները։ Այդ հարթակին վրայ վերջերս յառաջացած է խնդիր մը՝ համայնքային հարցի մը քննարկումներուն վերաբերեալ լրատուութիւններու արտահոսքին բերումով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թիրախաւորուած են երկու անձեր, որոնք լրատուութեան աշխարհէ ներս գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Ստեղծուած տհաճ իրավիճակին մէջ այդ երկու դէմքերը Արամ Քուրան եւ Կարօ Համամճեան դուրս եկած են ERVAB-ի առցանց հարթակէն։ Արամ Քուրան այնտեղ կը ներկայացնէ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, իսկ Կարօ Համամճեան՝ Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ փափաքած են իրենց ցանկութեամբ դուրս գալ այդ հարթակէն։

Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս ERVAB-ի առցանց հարթակէն դուրս եկած են նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէ եւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2020