ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրի կողմէ գլխաւորուած Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը երէկ լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի՝ պաշտօնէ հրաժեշտ առնելուն կապակցութեամբ։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ալիս Պայրամ յառաջիկայ շրջանին պիտի հեռանայ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնէն։ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս կապակցութեամբ հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը, ուր ընդգծուած է, որ Ալիս Պայրամ 34 տարուան միասնականութիւն մը ունեցած է Պաքըրգիւղի ընտանիքին հետ եւ այդ ժամանակաշրջանի վերջին տասն տարիներուն եղած է Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի։ Թաղային խորհուրդի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ Ալիս Պայրամ իր իսկ փափաքով բաժնուած է տնօրէնուհիի պաշտօնէն։ Թաղային խորհուրդը այս փուլին երախտագիտութիւն կը յայտնէ Ալիս Պայրամին՝ Տատեան վարժարանին եւ անոր սաներու կրթութեան բերած նպաստին եւ ներդրած վաստակին համար։ Բաց աստի, թաղային խորհուրդը բազմամեայ կրթական մշակին բարեմաղթութիւններ յղած է ապագայ կեանքին համար։

Ըստ նոյն յայտարարութեան, յառաջիկայ կրթական շրջանին Տատեան վարժարանի ընտանիքը առանձնայատուկ ձեւով պիտի արտայայտէ իր երախտագիտութիւնը Ալիս Պայրամի նկատմամբ՝ համախմբումի մը մթնոլորտին մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2020