ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ 2021-2022 տարեշրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ շրջանաւարտութեան խանդավառ հանդէսով մը։ Դպրոցի հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Եշիլգիւղի ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներուն։ Պարտէզը հանդէսին համար յարդարուած էր յատուկ ձեւով։ Թաղի վարիչներուն եւ կրթական մշակներուն առընթեր ներկայ էին շրջանաւարտներուն ծնողները եւ հիւրեր։

Դպրոցը այս տարի ունի 14 շրջանաւարտ։ Շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան տնօրէն Մելիքճան Զաման, դասարանի ուսուցչուհի Տիլարա Շապճեան եւ յանուն ծնողներու Էրզա Մուրատօղլու։ Շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները՝ մինչ յաջողագոյնները արժանացան մրցանակներու։ Ընթացաւարտներն ալ ներկաներուն հետ բաժնեցին իրենց զգացումները։

Շրջանաւարտութեան հանդէսի յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին տղաքը հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022