ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Մխիթար Աբբահօր ի յիշատակ պատրաստուած ցուցատախտակ մը, որ զետեղուեցաւ դպրոցի շէնքի մուտքը։ Ներկայ էին Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Մագ. Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, դպրոցի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, հիմնադիր ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, Մխիթարեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը եւ այլ հիւրեր։ Ելոյթներով հանդէս եկան Գարեգին Պարսամեան, Ռիթա Նուրնուր, Տքթ. Պարգեւ Պալըմեան եւ Զէքիեան Գերապայծառը։
Զետեղուած ցուցատախտակի բարերարն է Նուրհան եւ Արփի Թանսելիի ամոլը։
Ցուցատախտակի բացումէն վերջ սարքուեցաւ ընթրիքի սեղան մը։