ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐԱԿԵՐՏ ԴԱՄԲԱՐԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սէն ներս վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ար­քու­նի ճար­տա­րա­պե­տաց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն նո­րա­կերտ յու­շար­ձան-դամ­բա­րա­նին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ Այս շի­րի­մը կա­ռու­ցուած է Հրաչ եւ Յա­կոբ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու բա­րե­րա­րու­թեամբ, ի յի­շա­տակ ի­րենց հո­գե­լոյս ծնո­ղաց՝ Շնոր­հիկ եւ Վահ­րամ Քըր­մը­զեան­նե­րու, ո­րոնք ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած են Սկիւ­տա­րի բնա­կիչ­ներ։ Դամ­բա­րա­նը վա­ղը պի­տի բա­ցուի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Քըր­մը­զեան­նե­րու կող­մէ ներդ­րուած մի­ջոց­նե­րը լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րուած են «Հայ­ճա­ր­»ի ջան­քե­րով։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս Դա­ւիթ Այ­նա­լը, Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզ եւ Նա­զար Պի­նաթ­լը լուրջ աշ­խա­տանք տա­րած են այս ծրագ­րին հա­մար։

Վա­ղուան բաց­ման ըն­դա­ռաջ այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րը, «Հայ­ճա­ր­»ի կող­մէ Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզն ու Ժան Կավ­րի­լօ­ֆը, ինչ­պէս նաեւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով ի­րենց խորհր­դա­կան­նե­րէն Սեր­տա Արս­լա­նը։ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րը դի­տել տուին, որ այս մեծ աշ­խա­տան­քին որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն դամ­բա­րա­նը պէտք է մշտա­կան խնամ­քի ա­ռար­կայ դառ­նայ։ Ա­նոնք այս ուղ­ղու­թեամբ կը վստա­հին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ «Հայ­ճա­ր­»ին՝ որ­պէս­զի շի­րի­մը պատ­շաճ ձե­ւով խնա­մուի։

Քըր­մը­զեան­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ նոյն գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս բա­նաս­տեղծ Պետ­րոս Դու­րեա­նի շի­րիմն ալ կ՚են­թար­կեն վե­րա­նո­րո­գու­թեան եւ ա­նոր ալ բա­ցու­մը նա­խա­տե­սուած է յա­ռա­ջի­կայ գար­նան։ Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կը ննջեն բազ­մա­թիւ մտա­ւո­րա­կան­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ մեծ գեր­դաս­տան­նե­րու ան­դամ­ներ։

Հիւ­րե­րը մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ պի­տի հրա­տա­րա­կուի նաեւ Պա­լեան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր գիրք մը, ո­րու հե­ղի­նակն է Հա­յաս­տա­նի Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ա­շոտ Գրի­գո­րեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016