ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

2019-2020 եղանակի առաջին մատաղօրհնութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հանդիսապետեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք տօնակատարութեան մը մթնոլորտին մէջ ընթացան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Ս. Գէորգ եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան՝ առընթերակայութեամբ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի։ Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու աւարտին հանդիսաւոր թափօրով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր ժողովուրդին տուաւ վերջին օրհնութիւնը։

Աւելի վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս փուլին արդէն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն հանդիսապետելէ վերջ միացաւ Սամաթիոյ արարողութիւններուն։ Սիրոյ սեղանը անցաւ նոյնպէս շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, որու պիւտճէի հաւասարակշռման համար հանգանակուեցաւ լուրջ գումար մը։ Սա անշուշտ սիրոյ սեղանի ամենակարեւոր երեսակներէն մին էր, որովհետեւ հաւաքոյթին բուն նպատակն էր աջակցութիւն ապահովել Սամաթիոյ վարժարանին։ Պիւտճէի բացը թէեւ ամբողջութեամբ հաւասարակշռել հնարաւոր չեղաւ, սակայն հանգանակուած գումարը Սամաթիոյ թաղային խորհուրդին վստահութիւն կը ներշնչէ՝ դպրոցի գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ յառաջ տանելու համար։

Երէկուան սիրոյ սեղանին ընթացքին տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Սամաթիոյ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Բացօթեայ հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան, ԱՔ կուսակցութեան Ֆաթիհի մասնաճիւղի նախագահ Օրհան Նարին եւ կուսակցական այլ ներկայացուցիչներ։ Նոր եղանակի այս առաջին մատաղօրհնութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ մեր համայնքէն բարերարներ, զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, Սամաթիոյ ընտանիքէն բազում անդամներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարին Աքալի։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։ Թաղի այժմու վիճակին շուրջ զանազան նիւթերու մասին բացատրութիւններ տալու զուգահեռ՝ Եսայի Տեմիր տեղեկացուց, որ ատենապետի պաշտօնը յառաջիկայ շրջանին այլեւս պիտի փոխանցէ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգներով հանդէս եկաւ համակրելի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու։ Դպրոցի աշակերտներէն Տարօն Տեւլեթօղլու, Քեթրին Ճինօղլու, Լարին Թոք եւ Տիանա Չիյտէմ արտասանութիւններով արժանացան ծափահարութեան։

Այս տարուայ սիրոյ սեղանի մթնոլորտը պայմանաւորած հիմնական հանգամանքներէն մին այն էր, որ մօտաւոր անցեալին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին ի հիմանէ վերանորոգուելով վերաբացուած էր պաշտամունքի։ Այդ վերանորոգութեան մեծ ծրագիրը կեանքի կոչուած էր մեր համայնքի բարերարուհիներէն Հայկան Պիրոսի աստղաբաշխային նուիրատուութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Հայկան Պիրոս կողակիցն էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամներէն Գատիմ Պիրոսի։ Սամաթիոյ ընտանիքը փափաքած էր, անշուշտ, Հայկան Պիրոսի նկատմամբ այս փուլին արտայայտել իր խոր երախտագիտական զգացումը։ Ուստի, իրեն համար պատրաստուած էր արծաթեայ յուշանուէր մը, զոր բարերարուհին ստացաւ ձեռամբ մեր զոյգ սրբազաններուն։ Սամաթիոյ ընտանիքը յուշանուէր մը պատրաստած էր նաեւ Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի համար։ Այս վերջինը թէ՛ իր զօրակցութիւնը բերած էր մատաղօրհնութեան կազմակերպման եւ թէ դպրոցին համար քաղաքապետարանի միջոցներով ապահոված էր զանազան սարքաւորումներ։

Օրուան յայտագիրը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հուսկ բանքով։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ յոյս յայտնեց, թէ տարեկան պիւտճէի յայտարարուած բացը յաջորդ փուլերուն հնարաւոր պիտի ըլլայ հաւասարակշռել։ Ան արտայայտուեցաւ նաեւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մասին։

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019