ԴՐՈՒԱՏԱԼԻՑ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

«Եոլճու» թատերախումբի եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի դէպի Հայաստան վերջին ուղեւորութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Հարկ է նշել, որ դրուատալից արձագանգներ են անոնք։ «Կոմիտաս»ի Երեւանի ներկայացումներու լոյսին տակ բարձր գնահատականներ կը տրուին մամուլին մէջ։ Օրին գրած էինք, որ «Կոմիտաս»ի ներկայացումներու շարքը արդէն մեծ յաջողութիւն արձանագրած է, սակայն Երեւանի ներկայացումները այնպիսի բնոյթ մը ունեցած են, որ նոր հարթութեան մը վրայ կը դնեն այդ նուաճումը, այս խաղի պատգամը, ինչ որ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ նաեւ անոր առջեւ։

Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է «Ազգ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, ուր Անոյշ Ասլիբէկեանի ստորագրութեամբ արժեւորուած են Երեւանի ներկայացումները։ «Իր տրամաբանութեամբ ներկայացումը կ՚երթայ դէպի յուզական բարձրակէտ, դերասանի ներքին թափը մինչեւ վերջ ալ անկում չ՚ապրիր, վերցուած գերզգացմունքային բարձր նոթան ան աւարտին կը հասցնէ միեւնոյն ուժգնութեամբ», նշած է հեղինակը՝ միշտ յիշեցնելով յուզուած հանդիսատեսին կողմէ կատարուած յոտնկայս ծափահարութիւնները։

«Ներկայացման մէջ անսպասելիօրէն կը յայտնուի երգչախումբը։ Նախ բեմին վրայ կը տարածուի երգեցողութիւնը, ապա լուսաւորութեան միջոցաւ ետնավարագոյրի ետեւէն թեթեւակի կ՚երեւին երգչախումբի անդամներու ուրուագիծերը։ Նկատենք, որ կատարումները առանձին համերգային համարներ չեն, միաձուլուած են գործողութիւններուն եւ կը հնչեն ըստ գաղափարական եւ նիւթային անհրաժեշտութեան», աւելցուցած է յօդուածագիրը՝ շեշտելով, որ Լուսաւորիչ երգչախումբը Կոմիտասի կերպարը ամբողջացնելու առումով առանցքային դեր կը խաղայ՝ գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

«Այս մենախաղը բեմադրիչի ու դերասանի կողմէ մէկ դիմանկարի միջոցաւ իրենց պատմութեան հետ անմիջականօրէն առընչակից մեծութեան մը ներկայացման փորձն է», գրած է Անոյշ Սալիբէկեան, որ թատերագէտ է եւ արուեստագիտութեան թեկնածու։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022