ԹՐՔԱՀԱՅ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՆԹԱԴՐԵԱԼ ՀԱՐԹԱԿ ՄԸ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց մեր համայնքէն խումբ մը ակադեմականներ։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պատրիարքարանը այս շրջանին հետամուտ է համախմբել թրքահայ ակադեմականները եւ անոնց միջոցաւ հարթակ մը ստեղծել՝ ուսումնասիրութիւններ եւ այլ ծրագիրներ յառաջ տանելու առաջադրութեամբ։ Համապատասխան աշխատանքները յառաջ կը տարուին՝ գլխաւորութեամբ տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեանի։

«Թրքահայ ակադեմականներու հարթակ» կոչուած է այս ենթադրեալ խմբաւորումը, որ թրքահայ համայնքի ապագային վերաբերեալ կանխատեսումներ ունենալու նպատակով գիտահետազօտական աշխատանքի պիտի լծուի։ Պատրիարքարանը արդէն այս հարթակը առցանց ձեւով բացած է նոր մասնակիցներու։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2023