ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՒ ԷՏՎԻՆ ՍՐԿ. ԿԱԼԻՊՕՂԼՈՒ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Պոլսահայ երաժշտական կեանքի համակրելի արուեստագէտներէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Գերմանիա, ուր մասնակցեցան Շթուտկարտի մէջ կազմակերպուած Հայկական մշակոյթի օրերուն։ Այս տարի 8-րդ անգամ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը, որու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Յայտագրի ընթացքին անոնք առաւել չափով հայկական հոգեւոր երաժշտութենէն նմոյշներ մեկնաբանեցին։

Այցելութեան օրերուն Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան շրջանի հայկական ծուխի վարչութեան ատենապետ Պերճ Տաքէսեանի եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրատուր Քհնյ. Սարտարեանի կողմէ, որոնք համերգի ընթացքին ալ արտասանեցին սրտի խօսքեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018