ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՊԷԶՃԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՎ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական պարերու երեկոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այսպէս, պոլսահայ գեղարուեստասէրներուն ներկայացան Հայաստանի Վանաձոր քաղաքի «Ծովակ» եւ «Արմենիա» մանկապատանեկան պարախումբերը, որոնք դէպի Պուլկարիա ուղեւորութեան ճանապարհին կ՚անցնէին Իսթանպուլէն։ Նորին սրբազնութեան կարգադրութեամբ այս խումբերը երէկ երեկոյեան հանդէս եկան Գումգաբուի մէջ՝ արժանանալով ներկաներու գնահատանքին եւ ծափողջոյններուն։ Մեր գեղարուեստասէրները ըմբոշխնեցին մանկապատանեկան սոյն համոյթներու որակաւոր ներկայացումը, որ իսկապէս խնամքով տարուած աշխատանքի մը արդիւնքն էր։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գնահատանքի խօսքով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018