ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՊՈԹԻՔԻ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Պէզճեան Մայր վարժարանը այս տարի ռոպոթիքի աշխատանոցով մը օժտուած է։ Մեր համայնքէն Կիրակոս Ալճալի բարերարութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը՝ ի յիշատակ իր հոգելոյս կողակցին Մարին Ալճալի։ Դպրոցի նախկին համակարգչային սենեակը այսպէսով ամբողջութեամբ վերափոխուած է եւ ժամանակակից սարքաւորումներով վերազինուած։ Սա լուրջ հնարաւորութիւն մըն է Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտներուն համար, որպէսզի անոնք ապագային կարողանան ընթանալ արդի փորձագիտութիւններու ճանապարհով։ Վերջին օրերուն դպրոցին մէջ մասնաւոր հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ՝ որպէս պաշտօնական բացում։ Բարերարներն ու Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները համախմբուեցան նոր աշխատանոցի երդիքին տակ։ Բոլորը համակարծիք էին, թէ ներկայ դարը ինքնաբաւ եւ ստեղծագործ անհատներ պատրաստելու ճանապարհին նոր ստիպողութիւններ կը բերէ՝ մանաւանդ կրթական ասպարէզի մէջ։ Թեքնիկ հնարաւորութիւններն ալ մաս կը կազմեն այս ծիրին։ Այժմ կեանքի կոչուած այս ծրագիրը յիշեալ առումներով մեծ ոստում մը կը համարուի Մայր վարժարանի տեսակէտէ։ Ուստի, հաւաքոյթի մասնակիցները զիրար շնորհաւորեցին համապատասխան տրամադրութիւնով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020