«ՀԱՅ ԿԻՆԸ» ՆՈՐՈՎԻ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած եւ մօտաւոր անցեալին համայնքային շրջանակներէն ներս համատարած գնահատանքի արժանացած՝ «Հայ կինը. մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ։ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, Հայ մշակոյթի շաբթուան շրջանակներէն ներս կեանքի կոչուեցաւ այս ձեռնարկը։ Երեկոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ՝ Արամեան սանուց միութեան վարչայիններէն հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու Սաթարի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որու տեսիլքը ուղղութիւն տուած է այս նախագծին։ Կեդրոնականի սաները փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագիրը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, այլ համայնքային վարիչներ, Արամեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ բազմաթիւ մշակութասէրներ։
Ի յիշատակ ձեռնարկին՝ յանուն Արամեան սանուց միութեան վարչութեան, Մարալ Էպէօղլու Սաթար եւ Ալէն Շէնճան յուշանուէր մը յանձնեցին Սիլվա Գույումճեանին, որ տարիներէ ի վեր հետեւողական ջանքերով Կեդրոնականի ընտանիքին ներուժը ի սպաս կը դնէ նման կարեւոր նախաձեռնութիւններու համար, որոնց պատգամը չափազանց նշանակութիւն ունի թրքահայ կեանքի մերօրեայ մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ։