ՃԻՆՃԻՕՂԼՈՒԷՆ «ԻՄ ԱՓԻՍ ԳՈՅՆԵՐԸ»

Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եղանակի բացման ձեռնարկ մը։ Միութիւնը արդէն 78-րդ գործունէութեան շրջանը թեւակոխած է։ Նոր եղանակի բացումը բնորոշուեցաւ՝ յայտնի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլուի ցուցահանդէսով։ «Իմ ափիս գոյները» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած են իսկապէս որակեալ գործեր։ Գարին Ճինճիօղլու իր ուրոյն ստեղծագործութիւններով երկար տարիներէ ի վեր կը պահէ գիծ մը, որով նկարչութեան ոլորտէն ներս միշտ կը մնայ պատնէշի վրայ՝ արժանանալով մեծ համակրանքի։

Ցուցահանդէսի բացումը, որ նաեւ Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ նոր եղանակի սկիզբը բնորոշեց, համախմբեց հոծ թիւով ներկաներ։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ վանատան մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ իր գործակից ընկերները եւս մասնակիցներու շարքին էին։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան, որ իր գործակից ընկերներուն հետ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլուին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, որ Մխիթարեանի ընտանիքին կողմէ երախտագիտական արտայայտութիւն մըն էր։

Ելոյթներուն յաջորդած ընդունելութեան աւարտին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին համակրելի արուեստագիտուհին, որուն հետ անմիջական զրոյց ունեցան։ Բոլոր ներկաները նոր եղանակի առթիւ յաջողութեան մաղթանքներ ալ յղեցին Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան։

Գարին Ճինճիօղլու ցարդ ինն անհատական ցուցահանդէս բացած է։ Մխիթարեան սանուց միութեան իր ներկայ ցուցահանդէսը կարելի է այցելել մինչեւ նոյեմբերի 4-ը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023