ԱՒՍՏՐԻԱՅԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքէն աստուածաբաններու եւ պատմաբաններու խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ի բացակայութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

Հիւրերը յայտնեցին, թէ կ՚ուզէին ծանօթանալ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ հայ համայնքի ու եկեղեցւոյ պատմութեան։ Անոնք լսեցին հայր սուրբին բացատրութիւնները եւ զանազան հարցումներ ուղղեցին։ Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն առիթին համար ու մեկնեցան Պատրիարքարանէն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018