Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեան նախընթաց օր այցելեցին խմբագրատունս։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին Գալֆաեան Տան ի նպաստ վաղը տեղի ունենալիք տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան շուրջ։ Հիւրերը նշեցին, որ վաղուան հիմնադրութեան տարեդարձը առիթ մը պիտի հանդիսանայ, որպէսզի Գալֆաեանը հերթական անգամ առարկայ դառնայ մեր համայնքի զօրակցութեան։
Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2019