ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՄԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, շաբաթավերջին, ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ քահանայ հայրեր։

Ժամը 16.00-ին, Նորին Սրբազնութիւնը հոգեւորականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ խորհրդարանէն դէպի եկեղեցւոյ մայր դուռը, ուր կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա ներկայ հաւատացեալներ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ աւագ խորանն ու պահարաններու Ս. Սեղանները։

Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Արարաղութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարելաւման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժողովուրդի մօտ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ, թէ աղօթատան մէջ թաքնուած է այն հոգին, որ հայ ժողովորդին դարեր շարունակ պարգեւած է տոկունութեան ներուժը։ Վեր առնելով տեղւոյն թաղային խորհուրդին աշխատութիւնը՝ մաղթեց, որ եկեղեցին բարեզարդեալ վիճակով ծառայէ հաւատացեալներու վերացման։ Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բարերարներ՝ Նուրհան Սուճուեանին եւ Մկրտիչ Սերթշիմշէքին, որոնք իրենց մասն ու բաժինը բերած էին եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութիւններուն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Իսկ երէկ, պաշտամունքի վերաբացուած եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց եկեղեցւոյ երէց Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020