ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Մեսուտ Էօզտեմիրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ներկայ եղաւ նաեւ՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ սպասաւորները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ Սէրճան Կազէրօղլուի առաջնորդութեամբ Քառասուն Մանկանց դպրաց դասու անդամներու կողմէ։ Արարողութեան աւարտին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարները:

Եկեղեցական արարողութիւններուն զուգահեռ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Համաճարակի սահմանափակումներուն բերումով այս տարի կարելի չեղաւ սիրոյ սեղան սարքել, սակայն թաղային խորհուրդը փորձեց համակարգուած աշխատանքով հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձնել Տատեան վարժարանը։  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020