ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Գումգաբուի մէջ երէկ գումարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Յուզումնախառն շարժառիթով նիստ մըն էր այս մէկը։ Արդարեւ, հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանումով ստեղծուած պարապութիւնը լրացնելու ուղղեալ որոշումներ առնուեցան։ Այսպէս, Կրօնական ժողովի կազմին ընդգրկուեցաւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, որ վերջին պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովին կողմէ պահեստի անդամ ընտրուած էր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ժողովական հայրերը հերթական անգամ աղօթքով վերյիշեցին հոգելոյս հայր սուրբը, որ կը վարէր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետի պաշտօնը։ Կրօնական ժողովի երէկուան նիստին ժամանակ կատարուեցաւ քուէարկութիւն, որու արդիւնքով Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան ընտրուեցաւ ատենապետ։ Դիւանի միւս անդամները կը շարունակեն իրենց պաշտօնը։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021