ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԸՆՏՐԵԱԼ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Պատմական թաղի արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Կէտիկփաշայի եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գէորգ Սրկ. Ներկիզ, Սարվէն Սրկ. Պըչաքճը եւ այլ դպիրներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութեան ընթացքին ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Մուրատ Սերգիզեանին, նաեւ դպրութեան չորս աստիճաններ՝ Սերքան Եըլտըրըմի, Էրոլ Եըլտըրըմի, Ժիլպէռ Քափի, Առէն Աթընըզի, Արեւ Ինկիլիզօղլուի եւ Սայաթ Մերտենեանի։ Օրուան քարոզին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը կանգ առաւ մեր եկեղեցիներու եւ վարժարաններու յարաբերութեան կարեւորութեան վրայ։ Մեր տղաքը դպրոցներու միջոցաւ պէտք է ուղղուին նաեւ եկեղեցի։ Եկեղեցին եւ դպրոցը անբաժանելի են։ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը կարեւորեց մեր արժէքները ու նոր սերունդին փոխանցելը եւ ընդգծեց, որ մեր սանուց միութիւններն ալ պէտք է յարմարեցուին ներկայ ժամանակներուն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որու կողքին էր պատարագիչ հայր սուրբը։ Ներկաներու շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր մասնակիցները, որոնք համախմբուեցան տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սիրոյ սեղաններուն շուրջ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ատենապետ Յարութիւն Շանլը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան անդրադարձաւ անցեալ շրջանի ձեռքբերումներուն եւ ընդգծեց, որ վարժարաններուն ի նպաստ կատարուած օժանդակութիւնները մեր համայնքային կեանքէն ներս կը համարուին ընկերային պատասխանատուութեան դրսեւորումներ։ Իր խօսքէն վերջ Յարութիւն Շանլը յանուն Կէտիփաշայի թաղային խորհուրդին յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան։

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգներով հանդէս եկան մեր համայնքէն երկու համակրելի արուեստագիտուհիներ՝ Մարալ Չաղլըչուպուքճու եւ Լիտա Քէօսէօղլու, որոնց նուագակցեցաւ Ռոպէր Տողանայ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019