ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԻՐ «ԼՈՅՍ» ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐԸ

Յայտնի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու շաբաթավերջին իր սկաւառակները մակագրեց Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լիտա Քէօսէօղլու վերջերս թողարկած է իր առաջին սկաւառակը, որ կը կոչուի «Լոյս»։ Մասնաւորապէս հայկական եկեղեցական երաժշտութենէն նմոյշներ կ՚ընդգրկէ այդ սկաւառակը, որ ստեղծած է լայն արձագանգ եւ երաժշտասէրներու ուշադրութեան արժանացած՝ իր որակով։ Լիտա Քէօսէօղլու, որ միջոցէ մը ի վեր պոլսահայ երաժշտական կեանքէն ներս կ՚արձանագրէ տեւական վերելք՝ այս սկաւառակի թողարկումով արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ իր գեղարուեստական գործունէութիւնը։

«Նոսթալժի»ի երդիքին տակ կազմակերպուած շնորհանդէսին ժամանակ ան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։ Բազմաթիւ երաժշտասէրներ հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու իր հետ։ Լիտա Քէօսէօղլու անմիջական զրոյցներ ունեցաւ շնորհանդէսը այցելած երաժշտասէրներուն հետ, որոնց համար մակագրեց իր սկաւառակները։ Իր բոլոր ունկնդիրները նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքով շնորհաւորեցին Լիտա Քէօսէօղլուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019