ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի կողմէ գլխաւորուած խումբը առաջին հերթին այցելեց հիւանդանոցի «Շիրինօղլու» թանգարանը։ Ազատուհի Փեհլիվանի գլխաւորութեամբ անոնք ծանօթացան թանգարանի ցուցանմոյշներուն՝ միեւնոյն ժամանակ պատկերացում մը կազմելով հիւանդանոցի շուրջ երկու դարու պատմութեան մասին։

Թանգարանէն վերջ տղաքը ուղղուեցան ծերանոցի բաժինները, ուր մէկտեղուեցան մնայուն բնակիչներուն հետ։ Իսկապէս զգացական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ թէ՛ մնայուն բնակիչները մեծ յուզում ապրեցան եւ թէ տղաքը խորապէս տպաւորուեցան։ Պէզճեանցի սաները Ամանորի ընդառաջ հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներուն յանձնեցին յուշանուէրներ։

Այցելութեան աւարտին աշակերտները վերադարձան իրենց դասարանները՝ յիշելով, որ թէ՛ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը եւ թէ իրենց դպրոցը հիմնուած էր նոյն երախտաշատ ազգային բարերարի՝ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019