ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԵՒ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԹՐԻՔՈՎ ՄԸ ՄԵԾԱՐԵՑԻՆ Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆԸ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ քանի մը ամիսէ ի վեր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդարանին կողմէ հովանաւորուած Ս. Ներսէս ընծայարանի դասընթացքներուն կը հետեւի, շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի պոլսահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ։ Իր կեցութեան ընթացքին ան Արեւելեան թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ հիւրաբար կը պատարագէ։ Միեւնոյն ժամանակ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան անմիջականօրէն կը շրջապատուի պոլսահայ շրջանակներուն կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ ան անցեալ կիրակի երեկոյեան մեծարուեցաւ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի պոլսահայ չորս քոյր միութիւններուն կողմէ։

Նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ օժանդակութեան ընկերակցութեան (CARS) եւ մասնակցութեամբ՝ Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան, Դպրեվանքի սանուց միութեան եւ Հայ տունի, շուրջ հինգ տասնեակ պոլսահայեր սեղանակից եղան հայր սուրբին։ Նիւ Ճըրզի նահանգէն ներս, Ռիվըր Էճի «Mados» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիքը։ Հարկ է նշել, որ այս ճաշարանը կը պատկանի հայու մը։

Շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին CARS-ի ատենապետուհի Թամար Մալխաս Գայսէրլեան, Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան ատենապետուհի Զուարթ Պալըքճեան եւ Դպրեվանքի սանուց միութեան ատենապետ տքթ. Յակոբ Համբարձումեան։ Բոլորն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան Արեւելեան թեմէն ներս կեցութեան շրջանին հայր սուրբին կողմէ ծաւալուած աշխոյժ գործունէութեան շուրջ։ Այս հաւաքոյթը բոլոր մասնակիցներուն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր՝ մանաւանդ, որ քորոնաժահրի համավարակի հետեւանքով շուրջ երեք տարիէ ի վեր մասնակիցները իրարմէ հեռու մնացած էին եւ այս վերամիաւորումը առիթ դարձաւ նաեւ կարօտի յագեցման։

Ընթրիքի աւարտին արտայայտուեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ հաւաքոյթը նմանցուց Պոլսոյ աւանդական սիրոյ սեղաններուն։ Ան բոլորին փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնները եւ ընդգծեց իր երախտագիտութիւնը՝ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի նկատմամբ։ Հուսկ, որպէս երիտասարդ հոգեւորական՝ ան յորդորեց, որ բոլորը անսակարկ նուիրումով փարած մնան եկեղեցիին, երբեք չհեռանան ազգային-եկեղեցական կեանքէն։  

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023