ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՈՒՄ…
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան ժամերուն Քէօլնէն հրապարակեց նոր զեկոյց մը։ Թրքահայ հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեալ զեկոյց մըն է այս մէկը։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն ի նպաստ կամ ոչ քուէարկած բոլոր հոգեւոր հայրերուն ու շեշտած է, որ տեղապահի ընտրութիւնը պատրաստութիւն մը կը համարուի՝ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած պատրիարքական ընտրութեան համար։ Ան շեշտած է, որ հոգեւոր հայրերը արժանապատուութեամբ եւ իրենց կոչումին յարիր պատասխանատուութեամբ վարուած են տեղապահի ընտրութեան փուլին։ Ըստ իրեն, տեղապահի ընտրութիւնը դրական ընկալուած է թէ՛ մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ թէ ժողովուրդին կողմէ։ Արդարեւ, տեղապահի ընտրութիւնը առաջին քայլ մըն է՝ դէպի Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւն, քանի որ Աթոռը երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի թափուր։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շեշտած է, որ Պատրիարքարանի ղեկավարութիւնը իւրացուցած է տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս վերջ Իսթանպուլի Կուսակալութենէն ուղարկուած պաշտօնագիրը, սակայն այդ մէկը ստուեր ածած է տեղապահի ընտրութեան վրայ։ Նորին Սրբազնութիւնը յիշեցուցած է նաեւ մօտաւոր անցեալին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ Ան կը յիշեցնէ, որ տեղապահի ընտրութենէն վերջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պէտք է հրաժարէր իր պաշտօնէն։ Բայց եւ այնպէս, ան ցաւ արձանագրած է, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դիմադրութիւն կը ցուցաբերէ այդ պաշտօնը չթողելու համար ու կը հետապնդէ գործընթացը ընդհատելու նպատակը։ Ցարդ, ըստ երեւոյթին, այդ նպատակին հասած ըլլալ կը թուի։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նշած է, որ ինքն ու հոգեւորականաց դասու անդամները եթէ կուսակալութենէն ուղարկուած այդ պաշտօնագրէն տեղեակ ըլլային ընտրութենէն առաջ, ապա, անտարակոյս, պետութեան նկատմամբ յարգանքով այդ պաշտօնագրին հնազանդիլը պարտականութիւն կը համարէին ու կրնային ըստ այդմ վարուիլ, եթէ նոյնիսկ համամիտ չըլլայինք։ Այս կէտին վրայ ան յիշեցուցած էր, որ Պատրիարքական Աթոռը 26 Հոկտեմբեր 2016 թուականին թափուր հռչակուած է, հետեւաբար որոշուած է նաեւ ձեռնարկել նոր պատրիարքի ընտրութեան։
Ըստ ընտրեալ-տեղապահի զեկոյցին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետականութեան յանձնարարութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ առնուած որոշման ուղղութեամբ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը նախատեսուած էր տեղապահի ընտրութեան յաջորդելիք վեց ամսուան ժամանակաշրջանին։ Գործընթացը պիտի ընթանար այս հունին մէջ ու կարգը պէտք է հասնէր նախաձեռնարկ մարմնի մը ձեւաւորման։ Ան յիշեցուցած է, որ ըստ եկեղեցական նախընթացներուն, տեղապահի ընտրութենէն պէտք է տեղեակ պահուէր մեր եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ուղարկուելիք գրութիւնով մը։ Պէտք է ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Այս պատճառով Եկեղեցականաց համագումարի դիւանը պատրաստած է անհրաժեշտ գրութիւնը եւ զայն ներկայացուցած է Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին՝ որպէսզի փոխան-ցըւի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ըստ զեկոյցին, դժբախտաբար այս աւանդութիւնը խախտուած է ընդհանուր փոխանորդին կողմէ ու միայն իմ պնդումներով այդ գրութիւնը երկու օր վերջ կարելի եղած է ուղարկել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Զեկոյցի տեւողութեան Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անդրադարձած է իր բացակայութեան պատճառներուն, որոնց մասին նախապէս ալ փոխանցած էր տեղեկութիւններ։ Այս ծիրին մէջ ան վերստին յիշեցուցած է նաեւ, որ փոխանորդ կարգած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան զեկոյցին մէջ մատնանշած է, որ տակաւին չէ ստացած Վեհափառ Հայրապետի վաւերացումն ու օրհնութիւնը։ «Ես ի վիճակի չեմ գիտնալու, որ Վեհափառ Հայրապետը ինչ պատճառներով տակաւին չէ առած այս քայլը եւ այս նիւթին շուրջ մեկնաբանութիւն մը կատարելու դիրքին վրայ չեմ։ Պէտք է յայտնեմ, որ իմ կրօնի եւ եկեղեցւոյ բարոյագիտութեան հասկացումս անհրաժեշտ կը դարձնէ յարգանքը՝ իմ հոգեւոր եղբայրներուս, եկեղեցւոյ անդամներուն եւ եղեկեցւոյ կառոյցներուն նկատմամբ», յայտնած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կուսակալութենէն Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրի ժամն ալ վիճարկած է իր յայտարարութեան մէջ։ Սա նուրբ խնդիր մըն է, որու պարագային համայնքային շրջանակներէն ներս կան խօսակցութիւններ։ Ըստ իրեն, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ընդհանուր փոխանորդ մնալու յամառութիւնը տեղի կրնայ տալ հաւանական նոր բախումներու եւ հակասութիւններու։ «Այս մտահոգութիւնս կ՚ամրապնդուի, որովհետեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը թողու այն տպաւորութիւնը, թէ ներկայ դիրքը պահպանելու համար դրական կ՚ընկալէ պետական միջամտութիւնը։ Այս տեսարանը ինծի կը թելադրէ խուսափիլ նոր ժխտականութիւններէ։ Իմ նկարագրիս անբաժան մասն է միշտ ըլլալ խաղաղութեան եւ համաձայնութեան կողմնակից։ Հետեւաբար, խոր մտածումներու մատնուած եմ՝ Իսթանպուլ վերադառնալով իմ կողմէս բացարձակ չիւրացուած եւ անընդունելի տաղտուկի մը մէջ մտնելը», նշած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ աւելցուցած է, թէ իր տեղապահի պաշտօնը ստանձնելը նոր խնդիրներու ծնունդ տալու նպատակը չի հետապնդեր։ Ընդհակառակն, ինք այդ պաշտօնին կոչուած էր՝ երկար ժամանակէ ի վեր թանձրացած մշուշը ճեղքելու եւ մեր համայնքը խաղաղ ու ապահով մթնոլորտի մը մէջ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան առաջնորդելու համար։ Ինք ալ այս նոյն պատճառով թեկնածու եղած է սոյն պատուաբեր պաշտօնին։ «Հետեւաբար ինձմէ պէտք չէ ակնկալել, որ տեղի տամ նոր քաոսի մը եւ խռովութեան», ըսած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ու կոչ ուղղած է հաւատք չընծայել այն անհիմն խօսքերուն, թէ ինք ոտնձգութիւն կատարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան դէմ կամ չէ կատարած տեղապահի ուխտը. կանոն մը, որ գոյութիւն չունի։
Զեկոյցի վերջին բաժնին մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նշած է, որ Վեհափառ Հայրապետը իրեն անծանօթ ու դժուար հասկնալի պատճառով մը կը յետաձգէ տեղապահը օրհնել։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ իր պաշտօնը զբաղեցնել՝ հիմք ընդունելով Իսթանպուլի Կուսակալութենէն ուղարկուած պաշտօնագիրը, որ, ըստ իրաւաբաններու, զուրկ է իրաւական հիմքէ։ Այս իրավիճակին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը անհրաժեշտ կը համարէ կարգ մը պայմաններ՝ որպէս ընտրեալ-տեղապահ կարենալ ընթանալու համար՝ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին վրայ։ Ան այս տեսակէտէ անհրաժեշտ համարած է ամբողջ ժողովուրդին, ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն եւ առաջնորդներուն առանց նախապայմանի զօրակցութիւնը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անհրաժշտ կը նկատէ, որպէսզի համայնքը տէր կանգնի իր տեղապահին՝ մօտաւորապէս տասն տարուան այս անելէն դուրս գալու համար։ Առկայ իրավիճակին մէջ ամենաճիշդ ճանապարհն է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունի, թէ աւարտած է իր պաշտօնը եւ այսպէսով ճանապարհ հարթէ լուծման առջեւ։ Համայնքային հաստատութիւնները, մամուլն ու հասարակութեան յառաջատար դէմքերը պէտք է համախումբ աշխատին դրական արդիւնքի մը համար։ Այլապէս, խաղաղ լուծումի մը հասնիլ կարելի պիտի չըլլայ եւ տեղապահը ի վիճակի պիտի չըլլայ լիարժէք կատարելու իր պաշտօնը։
«Իմ այս խօսքերս պէտք չէ յուսախաբութիւն պատճառէ ոեւէ մէկուն, ընդհակառակն, պէտք է ընկալուի՝ որպէս խնդիրներու խաղաղ լուծման համար նուազագոյն պայմանը», ըսած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան՝ բոլորին փոխանցելով իր բարեացակամ ողջոյնները։