«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ օրուան յայտագիրը, որ գործադրուեցաւ դասարանի ուսուցչուհի Հռիփսիմէ Բեգլարեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, պարերով, խմբերգներով եւ թատերակներով։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, որոնք կը գլխաւորեն դպրոցի կամաւորաց հոգաբարձութիւնը, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ հիւրեր։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին առաջին դասարանի փոքրիկներուն յանձնուեցան նուէրներ։ Հանդէսին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ բոլորը յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին տղոց՝ ուսումնական կեանքի շարունակութեան համար։ Ծնողներն ալ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած ուսուցչական կազմին, որու անդամները մեծ զոհողութիւններով կը դաստիարակեն տղաքը։