ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԱՌԹԻՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն ամավերջի հանդէսը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Մանկապարտիզպանուհիներ Նելլի Պասմաճեանի, Այլին Միրիճանեանի, Դալար Սինանօղլուի, Սէրլի Արապեանի, Քլարա Լամպաճեանի եւ Մատլէն Չաղլայի վերահսկողութեան ներքեւ գործադրուած յայտագիրը կ՚ընդգրկէր փոքրիկներուն արտասանութիւնները, մենախօսութիւնները եւ այլ զանազան ելոյթներ։ Ուսուցչական կազմէն Քարին Քիւչիւքօղլու, Սելին Չավուշօղլու, Թայիս Պուտաք եւ Ֆաթմա Էվիրկէն եւս իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ծրագրին՝ փոքրիկներուն ներկայացուցած խմբերգներուն, թատերակներուն գծով։
Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Հանդէսի եզրափակիչ փուլին ելոյթ մը ունեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ փոքրիկները նուէրներ ստացան ամրան արձակուրդի մեկնելէ առաջ։