ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։ Օ­րուան ծրա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­ներ՝ Ա­րու­սեակ Քէ­չէեա­փա­նի եւ Եր­ջա­նիկ Էրզ­րում­լուօղ­լուի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Թա­լիա Թուա­նա Տա­ղի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րու ըն­թաց­քին փոք­րիկ­նե­րը հան­դէս ե­կան խմբերգ­նե­րով, թա­տե­րակ­նե­րով, պա­րե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին ա­նոնք ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը, մինչ տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ ար­տա­սա­նեց գնա­հա­տան­քի խօսք մը։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը եւ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016