ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի գործօն անդամուհիներէն Հռիփսիմէ Մէյտանն ու Անգինէ Էվեափանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին՝ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի մօտալուտ համերգաշարի պատրաստութիւններուն մասին։ Հիւրերը յանձնեցին նաեւ խմբագրութեանս հրաւէրը։

Հռիփսիմէ Մէյտան եւ Անգինէ Էվեափան յայտնեցին, որ Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառութեամբ հետամուտ եղած է այս ծրագրին եւ լիայոյս է մեր համայնքի երաժշտասէրներուն համար համերգաշարը կը դառնայ հայ երաժշտութիւնը ըմբոշխնելու առիթ մը։  

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019